Քիմ Քարտաշեան պատասխանած է Vogue ամսագիրի 73 հարցին եւ խօսած հայերէն

Ամերիկահայ Քիմ Քարտաշեան ցոյց տուած է տունն ու պատմած իր մասին` միաժամանակ շփուելով երեխաներուն եւ ամուսնուն հետ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 12 ապրիլի — Sputnik. Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան պատասխանած է Vogue ամսագիրի թղթակիցի հարցերուն, որոնցմէ մէկը վերաբերած է Հայաստանին:

Հարցազրոյցի տեսանիւթը հրապարակուած է YouTube–եան ալիքով: Քարտաշեան պատասխանած է 73 հարցի եւ ցուցադրած իր շքեղ տունը:

«Հայաստանի մէջ լաւագոյնը ուտելիքն է, բոլորին խորհուրդ կու տամ ամէն ինչ համտեսել», – ըսած է Քիմը, երբ անոր հարցուցած են, թէ ինչը ամէնէն շատ զինք տպաւորած է Հայաստանի մէջ:

Հարցին, թէ հայերէն կը խօսի՞ (հաղորդավարը հարցը հայերէն տուած է), Քիմը հայերէն պատասխանած է` «ինչպէ՞ս ես», եւ աւելցուցած, որ ասիկա իր իմացած միակ հայերէն բառն է:

Քիմը կարեւոր նորութիւն պատմած է. կը պարզուի, որ աստղը որոշած է հօր հետքերով երթալ եւ իրաւաբան դառնալ:

Քարտաշեան ծնած է 1980 թուականի հոկտեմբեր 21-ին Լոս Անճելըսի մէջ, յայտնի փաստաբան Ռոպերթ Քարտաշեանի ու Քրիս Ճենըրի ընտանիքին մէջ:

Այսօր Քիմը Keeping Up With The Kardashians շոուի գլխաւոր հերոսուհին է: Քարտաշեանն ու յայտնի ռեփըր Քանյէ Ուեսթը երեք երեխայ ունին` 5 տարեկան Նորթը, 2 տարեկան Սէյնթն ու 8 ամսական Շիքակոն: