ԵՐԵՒԱՆ, 12 ապրիլի - Sputnik. Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատի որոշումէն եւ Ֆրանսայի նախագահի հրամանագիրը ստորագրելէն ետք, Twitter-ի իր էջին վրայ գրառում մը կատարած է:
«Որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը դադրի Իտալիոյ, Ֆրանսայի, նաեւ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին մէջ քննարկման թեմա ըլլալէն, պէտք է դարձնել այն երկրի թեման, ուր այդ ամենամեծ յանցագործութիւնը տեղի ունեցած է: Այսինքն այն պէտք է դարձնենք Թուրքիոյ խորհրդարանի հարցը»,- գրած է Փայլան:
Հայ պատգամաւորի դիտարկմամբ` հայ ժողովուրդի վէրքը կրնայ ապաքինիլ միայն՝ Թուրքիոյ մէջ արդարութիւն տիրելով: Անատոլիոյ հայերը արդէն 104 տարի է` արդարութեան կը սպասեն:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ապրիլ 10-ին ստորագրած էր ապրիլի 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր ճանչնալու մասին հրամանագիրը:
Իսկ Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատն ապրիլի 10-ին ընդունած էր բանաձեւ, որմով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ խնդրին տալ միջազգային հնչեղութիւն:
Բանաձեւին կողմ քուէարկած էր 382 պատգամաւոր, ձեռնպահ մնացած էր 43-ը, իսկ դէմ ձայներ չեն եղած: