ԵՐԵՒԱՆ, 10 ապրիլի-Sputnik. Իտալիոյ խորհրդարանը 382 կողմ ձայնով (ընդհանուր թիւը 432 է) հաստատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:
Այս մասին կը յայտնէ Asbarez-ը` յղում կատարելով բարերար եւ հասարակական գործիչ Ալեքքօ Պեզիքեանին:
Յիշեցնենք, որ Իտալիոյ խորհրդարանին Պատգամաւորներու պալատը Հայոց ցեղասպանութեան հարցն օրակարգին մէջ ներառելու միաձայն առաջարկով հանդէս եկած էր նախօրէին: Կը նշուի, որ նպատակը Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալն ու ատոր միջազգային ճանաչման հասնիլն է:
Այդ որոշումը յարուցած էր Թուրքիոյ զայրոյթը, որուն պատճառով Իտալիոյ դեսպանը կանչած էին ԱԳՆ: