ԵՐԵՒԱՆ, 9 ապրիլի – Sputnik. ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դեռ չի գիտեր` ինչպէս պիտի նշէ «Քաղաքացիի օրը»: Ան այս մասին ըսաւ այսօր Նորագաւիթ Մաքսակէտ այցի ժամանակ:
Լրագրողները հետաքրքրուեցան` ընդհանարապէս ինչպէ՞ս պէտք է նշել այդ օրը:
«Քաղաքացին թող որոշէ` ինչպէս նշէ: Կրնայ ըլլալ` մէկը որոշէ, ինչպէս անցած տարի, մանղալը հանէ, Մաշտոցի պողոտային վրայ դնէ ու խորոված ընէ»,– ըսաւ ան:
Հարցուցին` իսկ դուք ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք նշել:
«Չեմ գիտեր: Եթէ մանղալով խորոված ընող ըլլայ, կրնայ ըլլալ ես ալ միանամ»,– ժպտեցաւ վարչապետը:
Երէկ ՀՀ ԱԺ–ն առաջին ընթերցմամբ ընդունեց օրացոյցին մէջ «Քաղաքացիի օր» աւելցնելու մասին նախագիծը: Արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան առաջարկեց քաղաքացիի օրը նշել ապրիլի վերջին շաբաթ օրը, իսկ եթէ մայիս 1-ը համընկնի շաբաթ օրուան հետ, կը նշուի ապրիլի վերջին կիրակի օրը:
Օրինագիծն ընդունուեցաւ 92 կողմ ձայնով: 3 պատգամաւոր դէմ քուէարկեցին, 5-ը ձեռնպահ մնացին:
Դէմ քուէարկող պատգամաւորներն են Կարէն Սիմոնեանը, Գուրգէն Բաղդասարեանը եւ Գէորգ Գորգիսեանը (երեքն ալ` «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութենէն):
Նախագիծի երկրորդ ընթերցմամբ քուէարկութիւնը կը կայանայ 24 ժամուան ընթացքին:
Յիշեցնենք` ՀՀ կառավարութիւնը մարտ 21–ին առաջարկած էր ապրիլի վերջին շաբաթ օրը Հայաստանի մէջ հռչակել Քաղաքացիի օր: Այս առաջարկը պայմանաւորուած է 2018 թուականի ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեամբ: Համապատասխան փոփոխութիւնը կը նախատեսուի ընդունիլ «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ, որ Աժ-էն ներս կը քննարկուի հերթական նիստի անմիջապէս աւարտէն յետոյ նախանշուած արտահերթ նիստին: