Հայ հոգեւորականներու պատուիրակութիւն մը այցելած է Մեսրուր Պարզանին

Քիւրտ երիտասարդ ղեկավարն իր աջակցութիւնը յայտնած է քրիստոնեաներուն եւ յատկապէս հայ համայնքին:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 9 ապրիլի - Sputnik. Քիւրտիստանի անվտանգութեան խորհուրդի խորհրդական Մեսրուր Պարզանին, կիրակի ապրիլ 7-ին, ընդունած է Հայ հոգեւորականներու պատուիրակութիւն մը: Այս մասին կը յայտնէ ishtartv-ն:

Երեւանը անապատ կը դառնա՞յ, թէ՞ քաղաքապետարանը կը պայքարի օլիկարխներու կառուցածին դէմ

Հանդիպման ընթացքին Քիւրտիստանի անվտանգութեան խորհուրդի խորհրդականը շեշտած է, որ քրիստոնեաները պէտք է ամուր կառչին իրենց ինքնութեան եւ տարածքներուն, դիմակայեն ժողովրդագրական փոփոխութեան:

Հանդիպման անդրադարձ կատարուած է քրիստոնեաներու կարգավիճակին Քիւրտիստանի եւ Նինուէի մէջ:

Քիւրտ երիտասարդ ղեկավարը իր աջակցութիւնը յայտնած է քրիստոնեաներուն եւ յատկապէս հայ համայնքին:

Պարզանին ընդգծածէ, որ Քիւրտիստանի ժողովուրդը կը պահպանէ համերաշխութիւնն ու կրօնական հանդուրժողականութիւնը: Պարզանին նշած է , որ «Քիւրտիսանը միշտ պիտի մնայ բոլոր կրօններուն միջեւ եւ բոլոր հանգամանքներուն, հանդուրժողականութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան օրինակ»:

Հանդիպման աւարտին, հիւրերը իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են Քիւրտիստանի մարզի կառավարութեան, նաեւ շնորհաւորած Պարզանը Քիւրտիստանի մարզի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուելու համար:

Երբ հարսը «պատանդ կը մնայ», մինչեւ փեսան գումարը ճարէ․ պարտքով երջանկանալու նուրբ արուեստը

Աւելցնենք, որ ապրիլ 6-ին, Էրպիլի մէջ առաջին Հայ առաքելական՝ Ս. Նշան եկեղեցւոյ պաշտօնական բացումը եւ օծումը կատարուեցաւ: Եկեղեցւոյ բացման արարողութեան մասնակցած հայ հոգեւորականներու պատուիրակութիւնը այցելած է Քիւրտիստանի մարզի անվտանգութեան խորհուրդի խորհրդական՝ Մեսրուր Պարզանին: Պատուիրակութեան անդամներն են՝ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Աւագ արք. Ասատուրեան, Անթիլիասի միաբանութեան անդամներէն՝ Վարուժան արք. Հերկելեան,Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ՝ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան, Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեան, Ռունանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս Յակոբեան, եւ Քիւրտիստանի մարզի խորհրդարանի նախկին երեսփոխան՝ պրն. Երուարդ Էմինեան, Քիւրտիստանի շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն՝ պրն. Շանթ Մուրատեան:

Նշենք, որ Եկեղեցւոյ կառուցման համար հողատարածքն ու ֆինանսաւորումը կատարուած էր Քիւրտիստանի մարզի նախկին նախագահ Մասուտ Պարզանիի կառավարութեան կողմէ։