ԵՐԵՒԱՆ, 3 ապրիլի-Sputnik. Թրքական ekmekvegul.net կայքը գրած է Թուրքիոյ մէջ առաջին հայ կին լրագրող Էլպիս Կեսարացեանի մասին, որ իր լրագրողական ու գրական գործունէութեան ողջ ընթացքին կանանց ազատութեան համար պայքարած է:
«Մեր գաղափարները պէտք է ծաղկին». Ահա այս խօսքերով յիշենք Էլպիսը…
Ան ծնած է 1830-ին,. Սթամպուլի Պեշիքթաշ թաղամասին մէջ: 1862-63 թուականներուն հրատարակած է հայերէն կանանց «Կիթառ» ամսագիրը: Ան առաջին կին գրողը եղած է, որ պաշտպանած է կանանց ազատութեան գաղափարը սեռերու միջեւ անհաւասարութեան պատճառներու վերացման ու հասարակութեան զարգացման համար:
Հետեւեալ տողերը կը ներկանացնեն թէ իրեն, թէ իր հայեացքները. «Բազմիցս վկայ եղած ենք, որ իրենց սեփական ամուսիններէն աւելի մտածող, հեռատես ու գործունեայ կանայք կան, որոնք, սակայն, դիտաւորեալ ստիպուած կ’ըլլան հլու հնազանդ գլուխ խորարհիլ իրենց ամուսիններուն առջեւ, քանի որ ընդունուած է, որ կինը պէտք է ըլլայ լեզուն կտրուած թռչուն, իսկ տղամարդը, ագռաւ ալ ըլլայ, պէտք է երգէ, ղեկավարէ: Այո', իմ սիրելի քոյրիկ, ասոնք են իմ մտածմունքներս: Մեր գաղափարները պէտք է ծաղկին: Տաղանդաւոր անհատները սա պէտք է համարեն իրենց պարտականութիւնը, պէտք է թմրած գլուխները գործի անցնին, զգօնութեամբ տէր կանգնին իրենց ազատութեան, կրթուին: Պէտք է ընթերցասրահներ, խորհուրդներ կազմեն ու ստանան այնպիսի գիտելիքներ, որոնք հասնին մարդոց սրտերուն, մտքերուն, որ զարգացման համար քայլ ընենք, մարդ համարուինք…»: