«Հայաստանի մէջ «անծանօթ» հասկացութիւնը չկայ. ինչո՞վ մեր երկիրը գրաւած է ամերիկացիին

Հայոց ցեղասպանութիւնը հայերուն սփռած է աշխարհով մէկ: Հիմա` մէկ դար անց, այդ մարդոց ժառանգները կ’ուսումնասիրեն իրենց արմատներն ու կը փորձեն պատմական հայրենիք վերադառնալու ճանապարհներ գտնել: Անոնցմէ մէկը` Սառա Ստայթսը, Ամերիկայէն է:
Sputnik

Սառա Ստայթս երիտասարդ լրագրող է ԱՄՆ-էն: Ան արդէն քանի մը ամիս է, որ կ’ապրի ու կ’աշխատի  Հայաստանի հայրաքաղաք Գիւմրիի մէջ: Իր տպաւորութիւններուն մասին աղջիկը պատմած է Sputnik Արմենիային տուած հարցազրոյցին: Զրուցած է Լիլիթ Յարութիւնեանը:

-Սառա, ո՞ւր  ծնած էք: Ո՞ւր կ’ապրիք հիմա:

—Ծնած եմ Ուաշիկնթընի մօտակայքը, Քոլումպիա շրջանին մէջ, Վերճինիա նահանգ: Այն գեղեցիկ պատմական վայր է Ամերիկայի արեւելեան ափին:

—Պատմէք, խնդրեմ, Ձեր հայկական արմատներուն մասին: Ինչպէ՞ս  այդ մասին իմացած էք:

–Փոքր ժամանակ իմացայ, որ մեծհօրս ընտանիքն Արեւմտեան Հայաստանէն  գաղթած է, Ցեղասպանութենէն առաջ: Անոնք հաստատուած են Պոսթընի մօտակայքը, այնտեղ մեծ հայկական համայնք կայ:

«Հայաստանի մէջ «անծանօթ» հասկացութիւնը չկայ. ինչո՞վ մեր երկիրը գրաւած է ամերիկացիին

Երբ արդէն պատանի էի, ես սկսայ ուսումնասիրել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ լրագրող դառնալէ յետոյ հարցուցի տնօրէնիս` արդեօ՞ք կրնամ Հայաստանի հետ կապուած թեմաներ լուսաբանել: Ան համաձայնեցաւ, ու սկսայ մօտէն  ծանօթանալ Քոլումպիայի հայ համայնքին հետ: 2016 թուականի դեկտեմբերին Ամերիկայի հայ ազգային կոմիտէի (ANCA) կազմակերպած Սուրբ ծնունդին նուիրուած երեկոյին ընթացքին իմացայ երիտասարդ սփիւռքահայերու համար նախատեսուած «Birthright Armenia» ծրագիրին մասին ու որոշեցի մասնակցիլ ատոր: Ատիկա 2018 թուականն էր:

Ինչ է պատերազմի արժէքը, եւ ինչ է խաղաղութեան գինը. հարցուր 6-ամեայ Գեղամին

—Այսինքն` նախորդ տարի  առաջի՞ն անգամ պատմական հայրենիք եկած էք:

—Այո, նախորդ տարուան յունիսին: Սկիզբը կ’ուզէի մէկ տարի Երեւանի մէջ ապրիլ, բայց յետոյ իմացայ, որ կարելի է երթալ Հայաստանի մեծութեամբ երկրորդ քաղաք` Գիւմրի: Ճիշդն ըսեմ, երբեք չէի լսած Գիւմրիի մասին: Ես սիրեցի որոշ ժամանակով Գիւմրիի մէջ մնալու գաղափարը: Սկիզբը կը մտածէի` ամառը Գիւմրիի մէջ կ’անցնեմ, յետոյ Երեւան կը վերադառնամ, Բայց... անընդհատ կը ձգձգէի վերադարձս, քանի որ  այստեղ սիրեցի, ու վերջի վերջոյ որոշեցի մնալ:

—Հայաստանի մասին ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք:

Հարս կը բերեն գիւղ, որ երեխաները գոնէ ուսուցիչ ունենան. մարզերու մէջ ուսուցիչի սով է

—Տպաւորութիւններս... Ատիկա բարդ հարց է: Այնքան շատ են: Բնական գեղեցկութիւնն այստեղ այնքան շատ է: Երբ Հայաստան եկայ, ծաղիկներու ծաղկելու շրջանն էր: Ես զմայլած էի դաշտերով, որոնք կարծես կարկատած վերմակներ ըլլային, ատոնք ներկուած էին կարմիր, դեղին գոյներով: Վանքերն իրենց ալեհեր քարերով ու հնագոյն պատմութեամբ կարծես պատուհան ըլլան դէպի անցեալ: Մարդիկ այնչափ բարի են, յատկապէս, երբ գործը կը հասնի հիւրասիրութեան: Լաւ կը յիշեմ, երբ ինծի առաջին անգամ ըսին`Սառա ջան, կը մտածէի` միթէ իմ մայր–տանտիրուհին (կինը, որուն ընտանիքէն ներս հիւրընկալուած է աղջիկը – խմբ.) սխալ հասկցած է անունս: Հիմա «ջան»-ը  իմ բառապաշարիս անբաժան մասն է:

Ադամեանը «կը բողոքէ» Google-ին` Ստեփանակերտի անունն ուղղելով եւ վայրը դարձնելով Արցախ

Այնուամենայնիւ որոշ բարդութիւններ կային: Շատ ճնշող է ամբողջ երկրին մէջ, յատկապէս, Գիւմրիի մէջ, տարածուած աղքատութիւնը: Բացի այդ, աղբի ու թափառական շուներու հետ կապուած մեծ խնդիր կայ: Մէյ մըն ալ` սկիզբը չէի կողմնորոշուիր` ինչպէս կը կառուցուին կանանց ու տղամարդոց յարաբերութիւնները: Ամերիկայի մէջ բոլորը բոլորին կը ժպտին: Գիւմրիի տղամարդոց կողմէ ատիկա յաճախ կ’ընկալուի որպէս հետաքրքրուածութեան նշան: Կարճ խօսքով, ստիպուած էի որոշ կանոններ սորվելու` աւելի լաւ յարմարելու համար...

—Քիչ մը հայերէն գիտէք: Ուրկէ՞ սորված էք:

—Հէնց եկայ, սկսայ հայերէն սորվիլ, քանի որ երկու բառ գիտէի` բարեւ ու ինչպէ՞ս ես: Մտածեցի` հիանալի կ’ըլլայ, որ պատմական հայրենիքիս մէջ գտնուելու ընթացքին մեր ծրագիրին առաջարկած լեզուի դասընթացներուն յաճախեմ:

Պետութիւնը կը ծրագրէ երիտասարդներուն վարձով բնակարաններ տալ` ամիսը 10 տոլարով

–Արդէն ընտելացա՞ծ էք փոքր քաղաքի մտածելակերպին:

—Ես սիրեցի այդ մտածելակերպը: Քաղաքը, ուր ծնած եմ, այդքան ալ մեծ չէ, բայց յաճախ չես կրնար ծանօթներու հանդիպիլ փողոցին մէջ: Իսկ Գիւմրիի մէջ ատիկա ամէն օր հնարաւոր է: Լաւ կը զգամ, երբ ծանօթներու կը հանդիպիմ հրապարակը կամ շուկային մէջ զբօսնելուս, սրճարանի մէջ կամ համերգի ժամանակ... Սիրեցի, որ ընկերութիւն կ’ընեմ բանջարեղէն վաճառողին հետ, ու որ խանութի դրամարկղի աշխատակցուհին կը ճանչնայ զիս:

«Հայաստանի մէջ «անծանօթ» հասկացութիւնը չկայ. ինչո՞վ մեր երկիրը գրաւած է ամերիկացիին

—Անյարմար ու ծիծաղելի իրավիճակներու մէջ յայտնուած էք:

—Միակ բանը, որ ինծի իրականութեան մէջ կը ծիծաղեցնէ, բամբասանքներն են: Մարդիկ կը սիրեն խօսիլ, յաճախ կը տեսնեմ իրարու մասին լաւ  տեղեկացուած են: Ամերիկայի մէջ հնարաւոր է այնպէս ստացուի, որ երբեք չխօսիս հարեւանիդ հետ: Այստեղ նման բան չեմ տեսած: Կը սիրեմ, որ մարդիկ այդքան բաց են: Թէեւ ատիկա, ի հարկէ, իր վատ կողմն ալ ունի:

Պետութիւնը կը ծրագրէ երիտասարդներուն վարձով բնակարաններ տալ` ամիսը 10 տոլարով

Չեմ մոռնար` ինչպէս  անգամ մը մեր տան բակին մէջ նստած հայերէն կը սորվէի ու  կին մը մօտեցաւ ինծի: Ան նստեցաւ կողքս ու սկսաւ իր որդիին մասին պատմել: Ու հարուց` արդեօ՞ք ես ամուսնացած եմ: Մայրը կարծես որդին վաճառքի  հանած էր, կ’ըսէր. «տղաս բարձրահասակ է, հմայիչ...»: Կ’ուզէի ծիծաղիլ, բայց հասկցայ, որ ան լրիւ լուրջ կը խօսի:

Մարդոց վերաբերմունքն ամուսնութեան նկատմամբ այստեղ կը տարբերի Ամերիկայի մէջ ընդունուածէն: Այնտեղ երբեք չեն հարցներ, արդեօ՞ք ամուսնացած ես, քանի դեռ  հետդ մտերիմ չեն: Ատիկա շատ նուրբ հարց է: Բայց, ճիշդն ըսեմ, կը սիրեմ, որ հայկական մշակոյթին մէջ վերաբերմունքն այդ թեմային այդքան զգայուն չէ: Մարդիկ աւելի ազատ կը խօսին ատոր մասին:

—Ըսէք, խնդրեմ` ինչո՞վ զբաղած էք Գիւմրիի մէջ:

Աֆրին մնացած վերջին հայն ալ ստիպուած եղած Է գաղթելու

—Ես  հիանալի խումբի մը անդամ եմ: Մենք կը զբաղինք հաշմանդամներու իրաւունքներով: Մեր կազմակերպութիւնը, որ կը կոչուի «Էմիլի արեգակ», 12-18 տարեկան հաշմանդամ երեխաներու աջակցութեան կեդրոն է: Այստեղ անոնք իրար հետ ծանօթանալու, սիրով լի մթնոլորտի մէջ մեծնալու հնարաւորութիւն ունին:

Նախորդ սեպտեմբերին պատիւը ունեցայ մասնակցելու Aregak Bakery & Cafe սրճարանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Սրճարանը «Էմիլի ագարակ» կեդրոնի նախագիծն էր, որ իր հերթին կը գործէ Եւրոմիութեան ֆինանսական աջակցութեամբ: Այդ նախագիծին նպատակն է ներառել հաշմանդամ երեխաները աշխատաշուկայ:

Որպէս առեւտրային եւ հաղորդակցութեան մասնագէտ կ’աշխատիմ կեդրոնի ու սրճարանի գաղափարներն առաջ տանելու վրայ` գրաւոր ու բանաւոր բովանդակութիւն ստեղծելով, ռազմավարութիւն զարգացնելով ու PR խումբին աջակցելով: Ատիկա այնչափ շնորհակալ աշխատանք է:

-Որքա՞ն կը պատրաստուիք այստեղ մնալ: Երբեք մտածա՞ծ էք ընդմիշտ Հայաստան տեղափոխուելու մասին:

Կառավարութիւնը կը նպաստէ մինչեւ 10 հեկտար պտղատու այգիներ ստեղծելու նախաձեռնութեան

–Ցաւօք, արդէն մայիսին պիտի մեկնիմ: Բայց յոյս ունիմ շուտ վերադառնալու, գուցէ` սեպտեմբերին: Մեր ընկերութիւնը կ’առաջարկէ երկարացնել պայմանագիրս, ես ալ դէմ չեմ: Բնականաբար, մտածած եմ հայրենադարձութեան մասին: Բայց հիմա իմ երազանքս սեփական գործ սկսիլն է, կամ որպէս արտասահմանեան թղթակից աշխատիլն ու տարուան կէսն անցնել Ամերիկայի մէջ, կէսը` Հայաստան: Տեսնենք` ինչպէս կը ստացուի:

—Որ՞ն  է Ձեր սիրելի վայրը պատմական հայրենիքին մէջ:

–՜Օ, բարդ  հարց է: Այս երկիրը հարուստ է գեղեցկութեամբ: Եթէ ստիպուած ըլլայի ընտրել, հաստատ կ’ըսէի Արփի լիճը ատոր հանգստութեան համար, կամ Նորավանքը` տպաւորիչ տեղակայման համար: Բայց Մեղրին ալ առանձնայատուկ տեղ ունի իմ սրտիս մէջ: Այդ քաղաքին հետ կապուած հիանալի յիշողութիւններ ունիմ:

Կ’ուզեմ պատմութիւն մը պատմել ձեզ: «Birthright Armenia» ծրագիրը  աւանդոյթ մը ունի. Մեղրի ամէնամեայ ուղեւորութեան ժամանակ մեզի խումբերու կը բաժնեն ու մէյ մէկ շիշ գինի կու տան: Յետոյ մենք պէտք է քաղաք մտնենք, թակենք անծանօթներու դռներն ու հարցնենք` արդեօ՞ք կրնան մեզի տուն հրաւիրել ու գինի խմել մեզ հետ:

Առաջին դուռը, որ թակեցինք, բացաւ տարեց բարի ճենթլմէն ու ըսաւ` հրամեցէք, իսկ մենք նոյնիսկ դեռ չէինք հասցուցած բան մը  ըսելու: Ան ու անոր կինն այնքան բարի ու հիւրասէր էին: Այդ դէպքը ստիպեց ինծի հասկնալ, որ Հայաստանի մէջ իսկապէս «անծանօթի» հասկացութիւն չկայ:

—Սառա, շատ շնորհակալ եմ հետաքրքիր զրոյցի համար:

—Ես Ձեզ շնորհակալ եմ: