Նելլի Դանիէլեան, Sputnik Արմենիա
Այն մակնիսական ուժը, որ մարզերու բնակիչները կը քաշէ դէպի Երեւան, ուղղութիւնը պիտի փոխէ դէպի մարզեր: Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին այսպէս ըսաւ Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նորանշանակ նախագահ, ճարտարապետ Վահագն Վերմիշեան:
«Գիւղը պիտի զարգացնենք, գիւղի եւ քաղաքի կեանքի որակի աղիտական տարբերութիւնը պիտի վերացնենք, որպէսզի գիւղացին այսօր ունենայ նմանատիպ կեանքի որակ, ինչ որ քաղաքի կեդրոնին մէջ բնակողը ունի»,– ըսաւ ան:
Տարաբնակեցման խնդիրը լուծելու հիմանական գրաւականը քաղաքաշինութեան կոմիտէի ղեկավարը կը համարէ մարզերուն մէջ պետական բնակարանաշինական ծրագիրներու իրականացումը:
Վահագն Վերմիշեան արդէն իսկ նման ծրագիր մը յղացած է, որուն համաձայն նորաստեղծ ընտանիքները, որոնք հնարաւորութիւն չունին նոր բնակարան գնելու, կրնան այն վարձակալել պետութենէն:
«Բնակարանի դիմաց խորհրդանշական գումար մը կը վճարեն, օրինակ` 10 տոլար ամսական»,– ըսաւ Վերմիշեան:
Անոր խօսքով` քաղաքաշինութեան կոմիտէն այժմ կ’աշխատի ծրագիրին վրայ, եւ յոյս կայ, որ մինչեւ մայիս այն արդէն կը ներկայացուի կառավարութեան ու հանրութեան:
Գործադիրի հաւանութեան արժանանալէ յետոյ բնակարանաշինական ծրագիրի առաջին փուլը կը մեկնարկէ Հայաստանի երկու խոշոր քաղաքներուն` Գիւմրիի ու Վանաձորի մէջ եւ Հայաստանի քանի մը գիւղերու մէջ: Առաջին պետական շէնքերն ալ մարզերու մէջ կը կառուցուին արդէն ծրագիրի հաստատումէն 1-2 տարի ետք:
Ընդ որում, պետական շինարարութիւն ըլլալով հանդերձ, Վահագն Վերմիշեանի համար առաջնային է յատկապէս շինարարութեան որակեալ ըլլալը:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ իրականացուող շինարարութեան որակին, Վահագն Վերմիշեանի դիտարկմամբ, 1993-2019 Հայաստանի մէջ շինարարութեան ոլորտը միայն անկում ապրած է: «Տնտեսութեան առաջատար ոլորտ համարուող շինարարութիւնը մենք հասցուցած ենք չքաւոր վիճակի, –ըսաւ ան,– Հայաստանի մէջ որոշ շինարարական կազմակերպութիւններու կողմէ սարսափելի որակի շինարարութիւն կ’ըլլայ»:
Քաղաքաշինութեան կոմիտէի ղեկավարը համոզուած է` այն շինարարը, որ երկրաշարժական գօտիին մէջ անորակ շինարարութիւն կ’իրականացնէ, «հոյամողէզի պէս պիտի վերանայ»:
Վերմիշեանի համոզմամբ, Հայաստանի մէջ պէտք է մնան միայն որակեալ շինարարները, որոնք իրենց գործը շուկային մէջ կը կազմակերպեն նորովի: