Կառավարութիւնը կը նպաստէ մինչեւ 10 հեկտար պտղատու այգիներ ստեղծելու նախաձեռնութեան

Կառավարութիւնը կը նպաստէ 0.5-էն 5 հեկտար հատապտղատու այգիներ հիմնող տնտեսավարողներուն` ինչպէս անհատ ձեռնարկատէրերուն, այնպէս ալ ընկերութիւններուն:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 29 մարտի — Sputnik. կառավարութիւնը պիտի նպաստէ մինչեւ 10 հեկտար պտղատու այգիներ ստեղծելու նախաձեռնութիւններուն: Այս մասին որոշումը կայացուեցաւ ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին:

Գիւղատնտեսութեան նախարարի պարտականութիւնները կատարող Գեղամ Գէորգեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը նպաստէ 0.5-էն 5 հեկտար հատապտղատու այգիներ հիմնող տնտեսավարողներուն` ինչպէս անհատ ձեռնարկատէրերուն, այնպէս ալ ընկերութիւններուն:

Արամ Ա կաթողիկոս կը մեկնի Հալէպ` օծելու Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցին

Վարկը տնտեսավարողին կը տրամադրուի 5% տոկոսադրոյքով, հայկական դրամով, մարման 7 տարի ժամկէտով, մայր գումարի 1 տարի արտօնեալ ժամանակահատուածով, 6 ամիս մարման պարբերականութեամբ:

Փորձառական ծրագիրի իրականացման նպատակով  պետական պիւտճէէն 2018 թուականին յատկացուած էր 398,875,050 դրամ: Բայց ծրագիրին մասնակցութեան ոչ մէկ յայտ չէր ներկայացուած, ուստի ծրագիրը տեղափոխուած է 2019թ:

Գեղամ Գէորգեան յոյս յայտնեց, որ ծրագիրը կը սկսի գործել եւ արդէն 2020թ.-ին  այգիները առաջին բերքը կու տան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ 2018թ.-ին Հայաստանէն արտահանուած է 4000 թոն պտուղ-հատապտուղ: Բայց արտահանման ծաւալը շատ աւելի մեծ է: Ինչպէս Գէորգեան պատկերաւոր նշեց. «Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի պտուղ-հատապտուղ արտահանելու հնարաւորութիւն ունի»: Անոր խօսքով`աշխարհի մէջ այդ տեսակներու մեծ բաց կայ: Միայն ԵԱՏՄ –ի մէջ պակասը շուրջ 7-8 մլն թոն կը հասնի: