ԵՐԵՒԱՆ, 29 մարտի-Sputnik. Աֆրինի գրաւումէն յետոյ թրքական պետութիւնն ու աւազակախումբերը կը շարունակեն բռնագրաւել, թալանել, բռնաբարել ու ամէն տեսակ անմարդկային արարքներ գործել այնտեղ:
Մինչեւ օրս թրքական պետութեան աւազակները հազարաւոր ընտանիքներէ խլած են անոնց տունն ու ունեցուածքը, այս անգամ ալ` Աֆրին մնացած վերջին հայուն տունն ու ունեցուածքը խլած են: Այս մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը:
Յարութ Գէորգի ընտանիքը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-ին կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով ստիպուած Աֆրին գաղթած հարիւր հազարաւոր հայ ընտանիքներէն մէկն է: 1915-էն յետոյ Աֆրին ապրող ու ապրուստը մետաղական նիւթերու վաճառքով վաստակող Գէորգի տունը, խանութն ու ողջ ունեցուածքը թուրք աւազակները խլած են: Դեռ աւելին` տունը, որ կը գտնուի Ճինտարիսի ճանապարհի եզրին, վերածուած է մզկիթի ու անուանուած` Էլ-Ֆարուք:
Տեղեկացած ենք, որ աւազակներուն կողմէ յարձակումներու ու ճնշումներու ենթարկուելէ յետոյ Գէորգը Աֆրինէն գաղթած է Հալէպ: