Այն, ինչ տեղի ունեցած է 1999 թուականին Գիւմրիի մօտակայքը, զինուորականները կը կոչեն զինուած ներխուժում: Այստեղ սահմանը գետով բաժնուած չէ: Տեղացիները սահմանային սիւներով կը կողմնորոշուին:
ԽՍՀՄ փլուզումէն յետոյ ռուս սահմանապահները մնացին Թուրքիոյ ու Իրանի հետ հայկական սահմանը հսկելու: Հսկողութեան կարգը նախկինին պէս խիստ չէր, ու գիւղացիները չափագիտութեան համակարգէն այն կողմ հող մշակելու եւ նախիր արածելու հնարաւորութիւն ստացան:
Աշնանային օր մը Շիրակի մարզի հայկական սահմանային Կամխուտ գիւղի երեք հովիւ սովորական ճանապարհով փշալարն անցած ու արօտավայր գացած էին: Հովիւները կը զրուցէին ու չէին պատկերացներ, որ որոշ ժամանակ անց պէտք է իրենց անյայտ «բաճկոններուն» համապատասխան գործառոյթի մէջ մտնէին:
Այն կողմը ձիաւորներ յայտնուեցան: Թուրք սահմանապահները սկսած էին ուսումնասիրել հայ նախրապաններուն: Յետոյ անոնցմէ երկուքը հատած էին սահմանն ու անոնց կողմն ուղղուած: Հովիւներուն հարցուցած էին, թէ արդեօ՞ք անոնք քիւրտ են: Անոնք պատասխանած էին, որ հայ են ու այդ պատասխանը կարծես բաւարարած էր թուրքերուն, որոնք հեռացած էին:
Այս անսովոր իրավիճակին կը հետեւէր ռուս սահմանապահներու գաղտնի կարգախումբը: Շուտով թրքական կողմը գտնուող ձիաւորներու խումբէն կրկին երկու հոգի առանձնացան ու հովիւներուն կողմն ուղեւորուեցան: Սահմանապահները այս ամէնուն մասին յայտնած էին ուղեկալ, ու այնտեղ արդէն տագնապով խումբ մը բարձրացած էր:
Իսկ այդ ընթացքին թուրք զինուորականները ժեստերու լեզուով հասկցուցած էին հայ նախրապաններուն, որ կոչումով աւագը կ’ուզէ խօսիլ անոնց հետ: Համոզիչ ըլլալու համար ինքնաձիգերն թափահարած էին ու նոյնիսկ քանի մը անգամ օդ կրակած: Հովիւները համաձայնած ու գացած էին: Ձիաւորներէն մէկն առաջ ինկած էր, իսկ երկուքը եզրափակած էին շղթան:
Քանի դեռ ռուս սահմանապահները կը շտապէին դէպքի վայր` սահմանախախտներու ու անոնց գերիներու ճանապարհը փակելու համար, հովիւները որոշած էին յոյսերնին դնել իրենց ու Աստուծոյ վրայ: Անոնցմէ մէկն Արցախ եղած էր եւ մարտական փորձ ունէր: Ան շուտասելուկի նման ըսած էր, որ յարձակման համար նշանը կ’ըլլայ իր հազը. ան միանգամէն կը յարձակի դիմացի թուրքին վրայ, իսկ երկու ընկերները պէտք է տապալեն յետնապահին:
Քսան քայլ անցնելէ յետոյ այդպէս ալ եղաւ: Երեք հովիւ ձիերէն տապալեցին երկու թուրք զինուորականներուն: Այդ ամէնուն հեռուէն հետեւող միւս թուրք զինուորականներու խումբն իջած էր ձիերէն ու պառկած սահմանին մօտ: Հովիւները հանած էին «գերիներու» զրահաբաճկոնները, գրպաններէն վերցուցած էին փաստաթուղթերն ու կը պատրաստուէին անոնց ուղեկալ տանիլ, բայց այդ պահուն կրակոցներ լսուեցան:
Թուրքերը որոշած էին վերադարձնել իրենց զինուորները: Վեց զինեալներ անցած էին սահմանը ու հովիւներուն վրայ կրակ բացած: Վերջինները կը փորձէին պատասխանել, բայց ապարդիւն: Յետոյ կռիւի մասնակիցներէն մէկը` Արամ Գրիգորեանը վատ ռուսերէնով ըսած էր.
– Անոնց զէնքը շատ վատ էր: Մարտական վիճակի բերել չէր ըլլար:
Հովիւները թաքնուած էին, գերի թուրքերը ետ փախած էին, իսկ գաղտնի հսկողութիւնը պատասխան կրակահերթ բացած էր: Ռուս սահմանապահներ Ալեքսէյ Եարոշենկոն ու Անտրէ Ուսաչեովը յետոյ պատմեցին, որ թուրքերը թաքնուած էին, իսկ անոնք խոցելու համար չէին կրակած, այլ գլուխներէն վեր` վախցնելու համար:
Հովիւներու ու «ասքեարներու» բախտը բերած էր. ոչ ոք տուժած էր: Փախչող «գերիներն» ու զինեալները յաջողած էին սահմանէն այն կողմ անցնիլ մինչ ռուսական ուղեկալի տագնապով ելած խումբին գալը:
Կռուի վայրին մէջ թուրքերը ձգած էին երկու ինքնաձիգ, ձիեր, մարտաբաճկոններ` պահունակներով: Աւարը վերադարձուցին սահմանային կոմիսարներու հանդիպման ժամանակ: Թրքական պատուիրակութեան ղեկավարը խոստովանած էր մեղքը, պարզաբանելով, որ ատիկա շարքայիններու կամայական գործողութիւններ եղած էին, որոնք որոշած էին ղեկավարութեան «աչքը մտնել»:
Թուրք սպան յայտնած էր, որ մեղաւորներուն կը դատեն, ու շնորհակալութիւն յայտնած էր ռուս սահմանապահներուն, որ անոնք դիտաւորեալ չէին խոցած թիրախները:
Ան ընդգծած էր, որ թուրք զինուորներու պահպանուած կեանքերը բացառապէս ռուս զինուորականներու վաստակն է: Անոնք կրնային վերացնել բոլոր ձիաւորները, երբ անոնք զէնք կը կիրառէին:
Միջադէպին հետ կապուած Հայաստանի ԱԳՆ բողոք հրապարակած էր: Իսկ Կամխուտի երեք հովիւներն ու ռուս սահմանապահները պարգեւատրուած են կառավարական պարգեւներով: