Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած հռոմէական շրջանի քարատապանը թալանուած է գանձախոյզներու կողմէ

Թուրքիոյ մէջ մեծ տարածում ունի այդտեղ ապրած քրիստոնեայ ժողովուրդներու ու յատկապէս հայերու թաքցուցած ոսկիները փնտռելու մոլուցքը:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 28 մարտի-Sputnik. Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի Իզնիք շրջանին մէջ ուշ հռոմէական շրջանի քարատապան մը յայտնաբերուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը:

Յատուկ ջոկատային հովիւները կամ ամենակարճ ռուս–թրքական պատերազմը Հայաստանի մէջ

Իզնիքի այգեգործներէն մէկն իր այգիին մէջ պատահաբար յայտնաբերած  է հողի տակ թաղուած քանդակազարդ քարատապան մը: Շրջանի թանգարանի մասնագէտներու պեղումներու հետաւանքով դուրս հանուած քարատապանը կը թուագրուի 3-րդ դարով:

Եօթ թոն կշռող քարատապանը, սակայն, արդէն յարձակման  ենթարկուած եղած է գանձ որոնողներու կողմէ: Կը նշուի, որ վերջիններս կոտրած են տապանի կափարիչի մէկ մասը եւ բացուած անցքով ներս մտած ու թալանած են զայն:

Գեղեցիկ քանդակներով զարդարուած քարատապանը տեղափոխուած է Իզնիքի թանգարան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ մեծ տարածում ունի այդտեղ ապրած քրիստոնեայ ժողովուրդներու ու յատկապէս հայերու թաքցուցած ոսկիները փնտռելու մոլուցքը:

Գանձախոյզներու կործանարար գործունէութեան հետեւանքով աւերուած կամ անդառնալիօրէն վնասուած են բազմաթիւ հայկական պատմական ու մշակութային յուշարձաններ, պղծուած են հայկական գերեզմանոցներ: