Քարէ զարդեր` ինքնատիպ կանանց համար. գործ-նախասիրութիւն, որ ծնաւ որդիին շնորհիւ

Կանացի երեւակայութեան ու նրբաճաշակութեան հետաւանքով սովորական քարը կրնայ զարդ դառնալ, նախասիրութիւնը` եկամուտ:
Sputnik

Արմենուհի Մխոյեան, Sputnik Արմենիա

Գիւմրեցի երիտասարդ արուեստագէտ Ռիմա Գեոդակեան տարիներ առաջ չէր ալ կրնար պատկերացնել, որ որդիին հետ զբօսանքը կրնայ նոր հետաքրքիր գաղափար ծնիլ:

Քարէ զարդեր` ինքնատիպ կանանց համար. գործ-նախասիրութիւն, որ ծնաւ որդիին շնորհիւ

Որդին` 3-ամեայ Արմէնը, զբօսանքի ժամանակ հէնց տան բակին մէջ խճաքարեր հաւաքած էր ու հետաքրքիր պատկեր ստացած: Գեղանկարչուհի մօր որդիին այդ խաղը նոր միտք տուաւ` հէնց այդ սովորական քարերէն զարդեր ստանալու: Տունը երիտասարդ կնոջ օգնութեան հասան քանդակագործ ամուսնուն գործիքները, որոնց օգնութեամբ Ռիման յղկեց քարերը: Զարդերու ամրութեան համար կաշի օգտագործեց` այն մշակելէ յետոյ քարերու համադրութեամբ ստանալով տարբեր զարդեր` մատանիներ, ականջօղեր, կրծքազարդեր: Երբեմն նաեւ փայտը «միացաւ» քարին:

Քարէ զարդեր` ինքնատիպ կանանց համար. գործ-նախասիրութիւն, որ ծնաւ որդիին շնորհիւ

«Մինչ այս զարդեր պատրաստած եմ, բայց ոչ սովորական քարերէ, այլ հիմնականին մէջ կաշուէ կամ տարբեր միրգերու կորիզներէ»,- կը նշէ ան:

25-ամեայ Ռիման կ’ըսէ` քարն ինք կ’որոշէ զարդի ձեւն ու նշանակութիւնը: Նախշերն աւելի ուշ կ’աւելցուին, իսկ երբեմն նոյնիսկ ատոնց անհրաժեշտութիւնը չի ալ զգացուիր: Աւելի ուշ գաղափար ծնաւ` ստեղծել Dandelion ապրանքանիշը:

Քարէ զարդեր` ինքնատիպ կանանց համար. գործ-նախասիրութիւն, որ ծնաւ որդիին շնորհիւ

«Dandelion-ը խատուտիկ կը նշանակէ, իմ սիրած ծաղիկն է: Այս ծաղիկին իմ գործերուս մէջ շատ կը հանդիպիք: Ուսանողական տարիներէն խատուտիկը սիրած եմ: Ամենավառ կերպով այդ ծաղիկը կ’արտայայտէ իմ զգացումներս : Հէնց այս ծաղիկին ձեւն ու թեթեւութիւնը շատ կը զգացուի իմ զարդերուս մէջ»,-կ’ըսէ Ռիման:

Թէեւ երբեմն քար մշակելուն կանացի նուրբ ձեռքերը կը վնասուին, բայց Ռիմայի համար ատիկա դժուարութիւն չէ:

«Դժուար չէ, եթէ սիրով կ’ընես: Իւրաքանչիւր զարդ կը պատրաստեմ սիրով ու չեմ մտածեր, որ ատիկա գումար պիտի բերէ, հաւանաբար ատիկա է յաջողութեան գաղտնիքը»,-կը պարզաբանէ ան:

Քարէ զարդեր` ինքնատիպ կանանց համար. գործ-նախասիրութիւն, որ ծնաւ որդիին շնորհիւ

Աշխատանքները հիմնականին մէջ շարքերով են` ծառերու, կերպարային կամ կենդանիներու: «Խատուտիկը» կարճ ժամանակուան մէջ կրցաւ շատ կանանց ու աղջիկներու սրտերը գրաւել: Ինքնատիպ զարդերը յատուկ ճաշակ ունեցողներու համար են: Արուեստագէտն ինքը կը նշէ` բոլորը չէ, որ կը նախընտրեն քարէ ու փայտէ զարդեր կրել: Իւրայատուկ կանանց համար նախատեսուած զարդերն անկրկնելի են `որեւէ օրինակ չի կրկնուիր:

Քարէ զարդեր` ինքնատիպ կանանց համար. գործ-նախասիրութիւն, որ ծնաւ որդիին շնորհիւ

«Եթէ շատ ալ ուզեմ, ամբողջովին նոյնը չստացուիր. ոչ մէկ քար նման չէ միւսին: Պատուէրներ հիմնականին մէջ կը ստանամ Երեւանէն կամ արտերկրէ: Հիմնականին մէջ տղամարդիկ կը գնեն իրենց կանանց ու աղջիկներուն նուիրելու համար: Ես սիրով զարդը կը յանձնեմ այն կնոջ, որ պիտի կրէ: Կ’ըլլայ, որ երբեմն կը գնեմ քար հաւաքելու, փոխարէնը միտք կը ծնի ու կը շտապեմ տուն այդ միտքը զարդի վերածելու»,- կ’անկեղծանայ Ռիման:

Քարէ զարդեր` ինքնատիպ կանանց համար. գործ-նախասիրութիւն, որ ծնաւ որդիին շնորհիւ

Ի դէպ, Ռիմայի յամառ որդին «ստիպեց» մէկ այլ զբաղմունք եւս ունենալ` ինքնատիպ ձեռագործ գիրքեր ստեղծել: Խաղ-գիրքերը եւս եզակի են: Բնական նիւթերէ պատրաստուած գունագեղ գիրքերը ոչ միայն ժամանցային են, այլ նաեւ ուսուցողական` 0-6 տարեկան երեխաներու համար: Ռիման կը սիրէ նաեւ թուղթէ խաղալիքներ պատրաստել:

Երիտասարդ արուեստագէտին համար զարդերու պատրաստումը խնդիր չէ ` երեւակայութիւն ու ծով համբերութիւն ունի, իսկ զարդի համար նիւթը` քարը, բնութիւնը կը շռայլէ: