Հայկական թեմայով ցուցահանդէս` Թուրքիոյ Էտիրնէ քաղաքի հրէական սինակոկին մէջ

«Էտիրնէն եւ հայ համայնքը» խորագիրով ցուցահանդէսը բացուած է Էտիրնէի մէջ գործող հրէական Մեծ սինակոկին մէջ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 27 մարտի-Sputnik. Թուրքիոյ եւրոպական հատուածի` Թրակիայի տարածքին մէջ, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի սահմանակից Էտիրնէ (պատմ.` Ատրիանապոլիս) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ցուցահանդէս`  նուիրուած Էտիրնէի երբեմնի հայ համայնքին:

Քարէ զարդեր` ինքնատիպ կանանց համար. գործ-նախասիրութիւն, որ ծնաւ որդիին շնորհիւ

«Էտիրնէն եւ հայ համայնքը» խորագիրով ցուցահանդէսը բացուած է Էտիրնէի մէջ գործող հրէական Մեծ սինակոկին մէջ:

Ցուցահանդէսին համար, ուր ներկայացուած էին լուսանկարներ եւ բացիկներ, հիմք  ծառայած է ծագումով Էտիրնէէն հայ Առաքէլեան ընտանիքի ժառանգներէն ֆրանսաբնակ Ռոյ Առաքէլեանի`  Էտիրնէի հայերուն վերաբերող աշխատութիւնը:

Ռաքէլ Մեշուլամի խնամակալութեամբ իրականացուող ցուցահանդէսի բացումին ներկայ  գտնուած են Էտիրնէի ոստիկանապետ Ալի Քեմալ Քուրթը, Էտիրնէի Հիմնադրամներու շրջանային կառոյցի ղեկավար Օսման Գիւներէնը եւ Թուրքիոյ մէջ հրեայ համայնքի նախկին ղեկավարներէն Սիլվիօ Օւատիան:

Կազմակերպիչներն ընդգծած են, որ սինակոկի մէջ կը փորձեն ներկայացնել ոչ միայն հրէական այլ նաեւ Էտիրնէի բազմամշակոյթ անցեալին մէջ իրենց ուրոյն տեղն ունեցած այլ մշակոյթներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

Յատկանշական է, որ ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ ապրիլի 28 եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրն ալ`  ապրիլ 24-ին, բաց պիտի ըլլայ այցելուներուն համար:

Աղբիւր`    Ermenihaber.am