Նովրուզ Պայրամ եւ լայք հայերուն. ինչպէ՞ս իրանցի երիտասարդները կը զուարճանան Երեւանի մէջ

Հայաստան հիանալի երկիր է ճանապարհորդութեան համար, ուր կարելի է հետաքրքիր տեսարժան վայրեր տեսնել, ինչպէս նաեւ լաւ ժամանակ անցնել: Ատով համոզուած են Իրանէն ժամանած զբօսաշրջիկները, որոնք այստեղ կը տօնեն Նովրուզ Պայրամը:
Sputnik

Լաուրա Սարգսեան, Sputnik  Արմենիա

Ընկերներ Մեհմետ Միհմանին, Մեհմետ Միճապին եւ Մուհամետ Մեհմանին Հայաստան  ժամանած են երկու օր առաջ: Տղաները որոշած են «լաւ մը զուարճանալ» իրենց համար արդէն հարազատ դարձած Երեւանի մէջ: Մենք անոնց հետ ծանօթացանք Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն` Ամիրեանի վրայ:

«Ընկերներուս հետ, ի դէպ որոնցմէ մէկը` Մուհամետը, Իրան ծնած ատրպէյճանցի է, Հայաստան  եկած ենք, մեր տօնին` Նովրուզին», – Sputnik  Արմենիայի հետ զրոյցին ըսաւ Մեհմետ:

Հայաստան  եկած են հանրակառքով եւ այդ պատճառով կ’ընդգծեն, որ երկրի ճանապարհները վատ են: Սակայն հայերու հիւրընկալութիւնը, բնավայրն ու տեսարժան վայրերը կը հարթեն այս փոքրիկ թերութիւնը, կ’ընդգծէ Մեհմետ:

Նովրուզ Պայրամ եւ լայք հայերուն. ինչպէ՞ս իրանցի երիտասարդները կը զուարճանան Երեւանի մէջ

Անոր հետ մենք անգլերէն կը զրուցէինք, Մուհամետը դժուար կը հասկնար զրոյցի էութիւնը, սակայն Հայաստանի եւ հայերու մասին հարցին ի պատասխան կարճ ժպտեցաւ եւ բարձրացուց բութ մատը:

Մենք բաժնուեցանք Իրանէն ժամանած ընկերներէն եւ առաջ շարժեցանք ծանօթանալու միւս հարեւաններուն հետ, որոնք Հայաստան  եկած էին տօնելու իրանական Նոր տարին:

Հանրապետութեան հրապարակի եւ մայրաքաղաքի յայտնի շատրուաններու մերձակայքին մէջ սովորականէն աւելի մարդաշատ էր: Մարդոց հոսքին կը նպաստէին նաեւ վառ գարնանային արեւն ու տաք եղանակը` 14 աստիճան տաքութիւն: Հրապարակին մօտ օտարերկրացիներու եւ տեղի բնակիչներուն մէջ, մեր ուշադրութիւնը գրաւեց իրանցի զոյգ մը:

Նովրուզ Պայրամ եւ լայք հայերուն. ինչպէ՞ս իրանցի երիտասարդները կը զուարճանան Երեւանի մէջ

Գասրա  Չաւուշին  կնոջ` Սախայի հետ, անոնք փողոցային երաժիշտներ են: Արդէն 5 ամիս է, որ կ’երգեն Երեւանի տարբեր փողոցներու մէջ եւ այդպէս գումար կը վաստակեն:

«Հայաստան մեզի  համար նոր փուլ  դարձած է: Այսօր  հրապարակին վրայ կը նուագենք, վաղը` մէկ այլ տեղ», – Sputnik  Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ Չաւուշին:

Զոյգը Հայաստանը կը սիրէ, սակայն անոնք արդէն կարօտցած են տունը եւ որոշած  քանի մը ամիս յետոյ Իրան վերադառնալ. պայմանով, որ կը վերադառնան իրենց համար երկրորդ տուն դարձած Երեւան:

Հանրապետութեան հրապարակն ու գարնանային արեւի տակ շողշողացող շատրուանները ամէնէն շատ հաւնած է Իրանէն ժամանած երիտասարդ ընտանիքը` Ֆարիտ Շարաֆին, անոր կինը ու անոնց 6 տարեկան որդին:

Իրանցի ընտանիքը Հայաստան  ժամանած է երէկ եւ տպաւորուած է Երեւանի մթնոլորտով: Անոնք մեծ ծրագիրներ ունին մեր երկրին մէջ:

«Կ’ուզենք տեսնել յայտնի Սեւանայ լիճը, համտեսել ձեր «ժենգեալով հացը» եւ Էջմիածին այցելել», – խոստովանեցաւ Շարաֆին:

Զոյգն առաջին անգամ Հայաստան կու գայ, սակայն արդէն հաճելիօրէն զարմացած է հայկական հիւրընկալութեամբ:

Նովրուզ Պայրամ եւ լայք հայերուն. ինչպէ՞ս իրանցի երիտասարդները կը զուարճանան Երեւանի մէջ

Ամէնէն շատ անոնց  կը զարմացնէ, որ իրենց ուրախ  ընդունած են, բոլորը կը ժպտին, կը բարեւեն, իսկ երբ կ’իմանան, որ զբօսաշրջիկ են, ամէն կերպ կը ջանան օգնել:

Այս դրական մթնոլորտին մէջ յաջողութիւն մաղթեցինք Շարաֆիի ընտանիքին եւ գացինք ծանօթանալու ուրիշ  իրանցիներու հետ...

Ի դէպ, Նովրուզը Նոր տարին է արեւային օրացոյցով: Իրանի բոլոր քաղաքներուն մէջ եւ բնակչութեան բոլոր հասարակական  խաւերուն մօտ  տարբեր կերպ կը տօնեն: Իրանցիներն այն կը տօնեն մարտ 21-էն:

Իրանը վերջին  քանի մը տարիներուն առաջատար դիրք կը զբաղեցնէ Հայաստան այցելած քաղաքացիներու թիւով: