ԱՄՆ–ի մէջ Մանսուրեանի անուան մրցանակ կու տան` հայկական թեմայով ստեղծագործութեան համար

Հանդիսատեսը կը վայելէ Չարենցի եւ Իսահակեանի գործերու հիման վրայ Մանսուրեանի գրած ստեղծագործութիւնները:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 18 մարտի – Sputnik. Անուանի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի 80–ամեայ յոբելեանին առթիւ ողջ տարուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան շարք մը համերգներ: Յառաջիկային նախատեսուած է երկու հայաստանեան համերգ` մարտ 21–ին եւ 26–ին, Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ: Sputnik Արմենիա մալթիմետիա մամուլի կեդրոնին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ներկայացուեցան համերգներու մանրամասնութիւնները:

Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբի տնօրէն Արմէն Արաբեան նշեց, որ համերգները կազմակերպած են իրենք: «Առաջին համերգին պիտի հնչեն Չարենցի, իսկ յաջորդին Իսահակեանի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ մայեստրոյի գրած ստեղծագործութիւնները: Այս համերգներով սկիզբ կը դրուի մեր երգչախումբի` Մանսուրեանի յոբելեանին նուիրուած համերգներուն. տարուան ընթացքին համերգներ կ’ունենանք ինչպէս Ռուսաստանի, այնպէս ալ` եւրոպական երկիրներու մէջ»,–ըսաւ Արաբեան:

Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանի խօսքով , երջանկութիւն է ունենալ նման երգչախումբ եւ նման երաժշտահան, որուն ստեղծագործութիւններու գերակշիռ մասը հէնց երգչախումբի համար  գրուած է: Ըստ անոր` Մանսուրեան վաղուց կ’ուզէր Չարենցի եւ Իսահակեանի գործերուն նուիրուած համերգ ունենալ: «Կը կարծեմ` ամբողջ  կեանք մը պէտք է ապրիս, որպէսզի կարենաս այդ ամէնը քու միջոցով իրականացնել ու ստեղծագործութիւն դարձնել»,–ըսաւ Մլքէեան:

ԱՄՆ–ի մէջ Մանսուրեանի անուան մրցանակ կու տան` հայկական թեմայով ստեղծագործութեան համար

Ինք` մայեստրօ Մանսուրեան, խօսելով յառաջիկային կայանալիք երկու համերգներուն մասին, նշեց, որ քանի տարի է` կը պատրաստուէր այս համերգներուն: Մայեստրոյի խօսքով` իրեն համար շատ թանկ է Չարենցին եւ Իսահակեանին նուիրուած համերգ ունենալը: «Հայ երգահանութեան արուեստը մեծ մասամբ բանաստեղծութեան հետ  կապուած է: Սակայն տարիներուն ընթացքին մենք ունեցած ենք ստեղծագործութիւններ, որոնց երաժշտութիւնը մեծ մասամբ գործիքային  եղած է` Ալեքսանդր Սպենդարեան, Արամ Խաչատրեան, յետոյ եկան հանրային, քաղաքային երգերը: Բանաստեղծութեան հետ կապը բաց կը մնար, եւ այդ բացը պէտք է  լրացուէր, եւ ես ալ որոշեցի անդրադարձ կատարել մեր գրողներու գործերուն»,–ըսաւ Մանսուրեան:

ԱՄՆ–ի մէջ Մանսուրեանի անուան մրցանակ կու տան` հայկական թեմայով ստեղծագործութեան համար

Մայեստրոն տեղեկացուց, որ մարտ 21–ին կայանալիք համերգին ժամանակ պիտի հնչեն Չարենցի այն ստեղծագործութիւնները, որոնք, ըստ անոր, կ’ամփոփեն բանաստեղծի ապրած կեանքի ընթացքը, ողջ ուղին` «Աշնան երգ», «Քամին», «Գիշերը», «Անքնութիւն»: Իսկ մարտ 26–ին նախատեսուած համերգին մայեստրոն 7 խմբերգներ  ստեղծած է` Իսահակեանի «Ծով», «Արեւելքի հաւքը», «Ալագեազի լանջերում» եւ այլ ստեղծագործութիւններու հիման վրայ: «Իսահակեանի բանաստեղծութիւններն առաջինը ժողովրդական երգիչները երգած են եւ կը թուէր` այդ գործերու համարժէքը հէնց ժողովրդական երգերն են, բայց ես այնտեղ ուրիշ բան ալ տեսայ ու խմբերգներ ստեղծեցի: Իսահակեանի եւ Չարենցի քերթուածներուն մէջ կան շերտեր, որոնք մեծ հորիզոններ կը բանան կարդացողին առջեւ»,–ըսաւ մայեստրոն:

ԱՄՆ–ի մէջ Մանսուրեանի անուան մրցանակ կու տան` հայկական թեմայով ստեղծագործութեան համար

Ան տեղեկացուց նաեւ, որ համերգներուն պիտի մասնակցին նաեւ դերասան–ասմունքողներ Սամուէլ Թօփալեան եւ Բաբգէն Չօբանեան, ինչպէս նաեւ դաշնակահարներ Արթուր Աւանեսով, Լուսինէ Յակոբեան, երգչուհիներ Իրինա Զաքեան, Տաթեւիկ Մովսէսեան, Քրիստինէ Սահակեան, ալտահարուհի Եանա Դարեան եւ պարիտոն Գուրգէն Բաւէեան:

Ի դէպ, վերջերս Քալիֆորնիոյ մէջ Մանսուրեան ներկայ  գտնուած է իր ստեղծագործութիւններուն նուիրուած գիտական  երեկոյի մը, որուն ժամանակ նաեւ որոշուած է մրցոյթ կազմակերպել` սահմանելով Մանսուրեանի անուան մրցանակ: Մրցոյթին մասնակցութեան պարտադիր պայմանը հայկական թեմայով ստեղծագործութիւն ներկայացնելն է: