Փոքրիկ Ռոպերթը երգեց Show Must Go On–ն եւ «ձայնը» «պայթեցուց» դահլիճը. տեսանիւթ

Ռոպերթ Բագրատեանի երգելու ընթացքին դահլիճը թնդաց ծափերով, իսկ Լոպոտան ցատկեց տեղէն:
Sputnik

Ռուսական «Ձայնը․ երեխաներ» ծրագիրի «կոյր լսումներու» հերթական փուլի հերոսը դարձաւ Ռոպերթ Բագրատեանը:

Տոնիռոստովցի Ռոպերթը երգեց հեղինակաւոր Queen խումբի Show Must Go On ստեղծագործութիւնը:

Առաջին իսկ նոտաներէն ետք Սուետլանա Լոպոտայի ջիղերը տեղի տուին․ երգչուհին տեղէն ցատկեց  եւ սկսաւ աշխոյժ ժեստերով երգել Ռոպերթի հետ:

Մելաձէն նոյնպէս շրջեցաւ 12-ամեայ Ռոպերթին կողմը, բայց Լոպոտան  սկիզբէն յայտարարեց, որ ան «իր տղան է»:

«Դուն իսկական գերաստղ ես», - ըսաւ Փելակեան, քանի դեռ դահլիճը կը թնդար ծափահարութիւններով:

Պարզուեցաւ, որ Ռոպերթը շատ կը սիրէ Queen խումբը, ինչը  ան ապացուցեց` երգելով նաեւ Somebody to love–էն  հատուած մը: