ԵՐԵՒԱՆ, 14 մարտի-Sputnik. Այժմեան Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին, որ լուրջ վնասներ կրած էր 2015 թուականին քաղաքի պատմական Սուր թաղամասին մէջ թուրք-քրտական բախումներու հետեւանքով, կը վերակառուցուի:
Ինչպէս կը հաղորդէ Dailysabah-ը, որ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայկական ամենամեծ եկեղեցին կը վերականգնուի Թուրքիոյ Շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ: Այս նպատակով կառավարութիւնը նախարարութեան յատկացուցած է 15 մլն թրքական լիրա:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կառուցուած է 1376 թուականին: 2012 թուականի նոյեմբերին 32 տարուայ ընդմիջումէն ետք այստեղ կատարուեցաւ վերանորոգման յաջորդած առաջին եկեղեցական արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ առաջին պսակադրութիւնը: Եկեղեցւոյ զանգերը 97 տարի անց կրկին ղօղանջեցին: Վերանորոգման աշխատանքները կատարուած էին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ֆինանսական աջակցութեամբ եւ հայկական սփիւռքի նուիրատուութիւններու շնորհիւ: Աշխատանքներուն աջակցութիւն ցուցաբերած էր նաեւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանը: