Արեւմտահայերէն յօդուածները կը հրապարակուին Sputnik Արմենիա–Spurk յատուկ խորագիրի ներքոյ:
Արդի հայերէնը երկու ճիւղ ունի` արեւելահայերէն (ժամանակակից Հայաստան, Իրան, ԱՊՀ) եւ արեւմտահայերէն (Թուրքիա, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ, սփիւռքի միւս երկիրները):
«Սփիւռքի դպրոցներուն մէջ ուսուցումն արեւմտահայերէն կ՚իրականացուի, իսկ գիրքերն ու թերթերը կը հրատարակուին արեւմտահայերէնի քերականութեան հիման վրայ: Ատիկա չի կարելի հաշուի չառնել, քանի որ արտասահմանի մէջ աւելի շատ հայեր կ՚ապրին, քան բուն Հայաստանի մէջ: Բացի այդ, վերջին տարիներուն պատմական հայրենիք վերադարձած են մօտ 20 հազար սուրիահայեր», – կ՚ըսէ Sputnik Արմենիայի ղեկավար Տմիթրի Պիսարենկոն:
Խորհրդանշական է, որ Sputnik եւ Spurk բառերու առաջին երեք տառերը նոյնն են: Հայերը թիւով երկրորդ են Լիբանանի եւ Ապխազիոյ մէջ, երրորդը` Վրաստանի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի մէջ: Նոր խորագիրին ներքոյ ամէն օր կը հրապարակուին բացառիկ, մալթիմետիայի եւ հեղինակային նիւթեր, որոնք կը շօշափեն արտասահման ապրող հայերու եւ հայրենադարձներու շահերը:
Sputnik Արմենիան գործունէութիւնը սկսած է 2015 թուականի յուլիսին եւ Sputnik միջազգային նախագիծէն մաս կը կազմէ: Գործակալութեան հարթակը ներառուած է երկրի առաջատար առցանց ԶԼՄ-ներու լաւագոյն հնգեակին մէջ:
Sputnik-ը լրատուական գործակալութիւն եւ ձայնասփիւռ է` տասնեակ երկիրներու մէջ մալթիմետիա տեղեկատուական ներկայացուցչութիւններով: Sputnik-ը կը ներառէ աւելի քան 30 լեզուով կայքեր, անալոկային եւ թուային ռատիօ հեռարձակում, բջջային յաւելուածներ եւ էջեր ընկերային կայքերու վրայ: Sputnik-ի լուրերը շուրջօրեայ դրութեամբ կը թողարկուին անգլերէն, արաբերէն, սպաներէն եւ չինարէն: