ԵՐԵՒԱՆ, 7 մարտի-Sputnik. Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Էրզրումի նահանգի (պատմական Կարին) Ուզունդերէ շրջանին մէջ գտնուող հայկական Օշավանք եկեղեցին կը վերակառուցուի զբօսաշրջային նպատակներով, այս մասին յայտարարած է Էրզրումի նահանգապետ Օքա Մեմիշը` տարածք կատարած այցելութեան ժամանակ:
Ինչպէս կը գրէ թրքական պետական «Անատոլու» գործակալութիւնը, նահանգապետն Ուզունդերէ շրջանի ղեկավարի ու համանուն շրջանի կեդրոն-քաղաքի քաղաքապետի հետ շրջած է Էրզրումի պատմամշակութային վայրերով` քննարկելով տարածքին մէջ ներդրումային շարք մը խոշոր ծրագիրներ:
12-րդ դարուն կառուցուած հայկական Օշավանքը (յայտնի է նաեւ Օշուանք, Օշկուանք անուններով) թուրք նախարարը ներկայացուցած է որպէս «վրացիներէն մնացած ժառանգութիւն» եւ խոստացած այն դարձնել զբօսաշրջային կեդրոն: