Մուսա Լերան դիմադրութիւնը «The Bible in the World»-ի էջերուն վրայ

Որեւէ բան չունեցող հայ գաղթականները Եգիպտոսի իշխանութիւններուն կողմէ կը վերաբնակեցուին 500 վրանէ բաղկացած ճամբարի մը մէջ:
Sputnik

ԵՐԵՒԱՆ, 6 մարտի-Sputnik. 1804-ին Անգլիոյ մէջ հիմնուած B.F.B.S․ քրիստոնէական հրատարակչական կազմակերպութիւնը «The Bible in the World» վերնագիրով իր զեկոյցին մէջ տեղեկութիւններ ներկայացուցած է աշխարհի մէջ իր ներկայացուցիչներու գործունէութեան եւ ինչպէս նաեւ տուեալ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին:

Ինչու կարճահասակները կու գան Երեւան, կամ ինչպէս Միրզոյեան երջանկացուց ճափոնցին

Զեկոյցի` 1916-ի Յունուարին հրատարակուած թիւին մէջ ներկայացուած է նաեւ Մուսա Լերան շուրջ 5 հազար հայ բնակիչներու դիմադրութիւնը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, պոլսահայ Hyetert կայքէջին մէջ կը գրէ Պուղրա Փոյրազը:

Հրապարակման հեղինակը կը նշէ, որ այդ աղբիւրին համաձայն` Անթաքիոյ նահանգապետը տուեալ շրջանի 6 հայկական գիւղերու բնակիչներուն հրամայած է տեղահանութեան նախապատրաստուիլ եօթ օրուան ընթացքին, սակայն տեղի հայերը քաջ գիտակցելով, թէ իրականութեան մէջ ինչ նպատակ ունէր այդ աքսորը, կþորոշեն դիմադրել: Անոնք այդ նպատակով զինուած կը բարձրանան Մուսա լեռ:

«Կ'ենթադրեմ, որ յիշողութեան այս վայրը քանդուած է Չարենցի հայ ըլլալու պատճառով». Փայլան

Մուսալեռցի հայերը 6 շաբաթ զինուած դիմադրութիւն ցոյց կու տան, երբ Անթաքիան կը գտնուէր թուրք զինուորներու եւ զինուած հրոսակախումբերու հսկողութեան տակ: Ի վերջոյ հորիզոնին վրայ կþերեւին ֆրանսական ռազմանաւերը, որոնք շուրջ 1000 հայ տղամարդ եւ 3000 կին ու երեխայ 1915-ի Սեպտեմբեր 14-ին կը հասցնեն Եգիպտոսի Փոր Սայիտ նաւահանգիստը:

Որեւէ բան չունեցող հայ գաղթականները Եգիպտոսի իշխանութիւններուն կողմէ կը վերաբնակեցուին 500 վրանէ բաղկացած ճամբարի մը մէջ:

B.F.B.S. կազմակերպութեան` Եգիպտոսի մէջ գտնուող մասնաճիւղի աշխատողները կþաջակցին հայերուն եւ նաեւ անվճար կերպով Սուրբ գիրքեր կը բաժնեն անոնց:

Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները տեղի հայկական եկեղեցիին մէջ օգտագործելու նպատակով Աւետարան կը տրամադրեն հայ քահանային, որուն լուսանկարը կցուած է հրապարակման մէջ: