Լաուրա Սարգսեան, Sputnik Արմենիա
Ճափոնցի Մայեպարա Քէիչին այն եզակի մարդոցմէ է, որոնք կ’որոշեն մէկընդմիշտ ու կտրականապէս փոխել իրենց կեանքն ու ազատիլ կարճահասակի բարդոյթէն: Իսկ այդ հարցով զինք օգնած են հայ բժիշկները` 10 սանթիմեթրով աւելցնելով ճափոնցիին հասակը:
Քիչերը կը սիրեն անկեղծ խօսիլ հասակի բարձրացման վիրահատութեան մասին: Բայց Քէիչին ոչ միայն խօսած է, այլեւ նկարահանուած «Երազանքի իրականացման պատմութիւն» վաւերագրական շարժանկարին մէջ:
«Ես կ՛ուզէի աւելի գեղեցիկ ըլլալ: Ինծի միշտ կ՛անհանգստացնէր կարճ հասակս, ու մտածեցի` ինչու բարձրահասակ չդառնամ, եթէ այդպիսի հնարաւորութիւն կայ: Այդ պատճառով եկայ Հայաստան», - կ՛ըսէ Քէիչին:
Ամէն ինչ սկսաւ անկէ, որ տղամարդը սկսաւ հասակի բարձրացման վիրահատութիւններու մասին տեղեկութիւն որոնել Google-ի մէջ: Հրապարակումներու մեկնաբանութիւններուն մէջ կարդաց, որ Հայաստանի մէջ այդօրինակ վիրահատութիւնները շատ որակով կ՛ընեն, ընդ որում` մատչելի գնով: Քէիչին եկաւ Երեւան ու հերթագրուեցաւ Վերջոյթներու վերակառուցման եւ վերականգնման կեդրոնի տնօրէն, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Արշակ Միրզոյեանի մօտ:
Քէիչիի ակնկալիքներն արդարացան: Ան հիացած հեռացաւ Հայաստանէն ու որոշեց կրկին գալ մեր երկիր, այս անգամ արդէն զբօսաշրջիկի կարգավիճակով եւ իր երազանքն իրականութիւն դարձուցած բժիշկներուն շնորհակալութիւն յայտնելու համար:
Պատմութիւններ բժշկական փորձառութենէ
Քէիչին Միրզոյեանին դիմած տասնեակ, իսկ գուցէ նաեւ հարիւրաւոր հիւանդներէն մէկն է, որոնք կþուզեն բարձրացնել հասակը կամ շտկել ոտքերու ձեւը:
Արշակ Միրզոյեան
«Մեր կեդրոնին մէջ 12 ճափոնցի բուժում անցած է, հիմա եւս երկուքը հասակի բարձրացման փուլին մէջ են, մարտին ու ապրիլին նոյնպէս Ճափոնէն հիւանդներու կը սպասենք: Բայց մեր մօտ կու գան աշխարհի բոլոր ծայրերէն` աւելի քան 20 երկրէ», - Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին ըսաւ Միրզոյեան:
Մարդոց կը գրաւէ որակը, մատչելի գինը, ու ամենակարեւորը` Հայաստանի մէջ անոնք լաւ կը զգան այնպէս, ինչպէս իրենց տան մէջ: Տունէն հեռու ըլլալը լարուածութիւն կը պատճառէ, որ կ’ազդէ ոչ միայն տրամադրութեան, այլ նաեւ ոսկորի նիւթափոխանակութեան վրայ: Այդ պատճառով կեդրոնի աշխատակիցներն իրենց հիւանդներուն համար շրջագայութիւններ կը կազմակերպեն Հայաստանի մէջ:
Ոտքերու շտկում
Անգամ մը Թուրքիայէն աղջիկ մը դիմած է Միրզոյեանին, ու հիւանդանոցի աշխատակիցները տեսած են, որ անոր անկողինին մօտ դրուած պահարանին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրք կայ, հեղինակն ալ թուրք է: Միրզոյեանը կ՛ըսէ, որ այդ ցաւալի հարցին չեն անդրադարձած, իսկ բուժման ընթացքը անցնելէ ետք աղջիկը սկսած է յաճախ զանգել Թուրքիայէն:
«Ան զինք խնամած բուժքրոջը կþանուանէր «հայ մայրիկ», - կþըսէ Միրզոյեան:
Իլիզարովի մեթոտը
Երեւանեան կեդրոնին մէջ լայն կիրառում ունի այն մեթոտը, որ աւելի քան 65 տարի առաջ առաջարկած է Գաւրիիլ Իլիզարովը:
Միրզոյեան հպարտութեամբ ինքզինք կ՛անուանէ Իլիզարովի յետնորդը եւ ցոյց կու տայ Իլիզարովի նկարը, որ փակցուած է անոր աշխատասենեակի պատին:
«Սարքաւորման միջոցով մեքենական ձգման ազդեցութեան տակ ոսկորներն ու փափուկ հիւսուածքներ կ՛աճին: Ընդ որում` այդ աճը շատ նման է բնականին», - բարդագոյն գործընթացը հակիրճ կը պարզաբանէ Միրզոյեան:
Վերջերս Իլիզարովի մեթոտով բուժումը սկսած են համատեղել ամերիկացի գործընկերներու մշակած սարք/մեխի հետ: Նման համադրութիւն մը թոյլ կու տայ զգալիօրէն կրճատել բուժման ժամկէտը: Իւրայատկութիւնն այն է, որ երբ վերջոյթն անհրաժեշտ երկարութեան կը հասնի, Իլիզարովի սարքը կը հանեն ու այնտեղ ներոսկրային յատուկ միջուկ (մեխ) կը դնեն: Եթէ նախապէս հասակը 10 սանթիմեթր աւելցնելու ըմթացքը մինչեւ 12 ամիս կը տեւէր, ապա հիմա 4-5 ամիսը բաւարար է:
Արշակ Միրզոյեան
Հասակն աւելցնել կրնայ իւրաքանչիւր չծխող, առողջ, հորմոնալ դեղեր ու ոսկորի նիւթափոխանակութեան վրայ ազդող այլ դեղօրայք չընդունող մարդը:
«Պատահած է` մարդը եկած ու խնդրած է իր հասակը 30 սանթիմեթրով աւելցնել: Տեխնիկապէս ատիկա հնարաւոր է, մենք 30 ու աւելի սանթիմեթրով աւելցուցած ենք խոնդրոդիստրոֆիկներու հասակը: Ինչ կը վերաբերի կարճ հասակի մարդոց, մենք պարտաւոր ենք հաշուի առնել համաչափութիւնը, որ հասակն աւելցնելէ յետոյ մարդը համաչափ տեսք ունենայ․ վերին ու ստորին վերջոյթներու երկարութիւնը պէտք է ներդաշնակ ըլլայ», - ըսաւ Միրզոյեան:
Ատիկա բաւականին երկար ու աշխատատար գործընթացք է, այդ պատճառով արժէքը կախուած է աշխատանքի ծաւալէն: Օրինակ` սրունքներու շտկումը կրնայ 5500 տոլար արժել:
Սակայն Միրզոյեան կը կարծէ ատիկա այդքան ալ շատ չէ, քանի որ այդ գումարին մէջ կը մտնեն բժշկական բոլոր ծախսերը, բժշկական հետազօտութիւնները, մինչեւ հինգ օր հիւանդանոցի մէջ գտնուիլը, բուժական ֆիզիկական մարզանքները, էքս-ճառագայթները:
Ինչպէ՞ս Միրզոյեանն ընտրած է այս մասնագիտութիւնը
Միրզոյեան փոքր տարիքէն սիրած է կենսաբանութիւնը: Հէնց ատիկա ալ յենակէտ դարձած է մասնագիտութեան ընտրութեան հարցով: Որոշած է ոտնաբոյժ դառնալ, երբ հայրը` աշխարհահռչակ երաժշտահան Էտուարտ Միրզոյեանը, կոտրած է ձեռքը:
«Ես չորրորդ շրջան կը տեղափոխուէի, ամառ էր, հայրս կոտրած էր ձեռքը: Սկսայ աւելի շատ կարդալ վնասուածքաբանութեան մասին, թէ ինչն ու ինչպէս կþազդէ ոսկորի աճի վրայ», - ըսաւ Միրզոյեան:
Երաժտահանը կը բուժէր յայտնի բժիշկ-օրթոպետ Օրբէլ Բունիաթեանը: Միրզոյեան կը խոստովանի, որ Բունիաթեանի ազդեցութիւնը մեծ եղած է, անգամ փափաքած է ինչ-որ չափ նմանիլ անոր :
Իսկ Իլիզարովի մօտ աշխատելու համար Քուրկան մեկնելու հարցով օգնած են Էտուարտ Միրզոյեանի ընկերները` Առնօ Բաբաջանեանն ու Լեւոն Փիրուզեանը: Սակայն սա արդէն բոլորովին այլ պատմութիւն է: