ԵՐԵՒԱՆ, 5 մարտի-Sputnik. Հալէպի մէջ Մարտ 2-ին, տեղի ունեցած է մարդասիրական առաքելութեամբ Սուրիա ժամանած ՀՀ մասնագէտներու խումբի կեդրոնին մէջ Հայաստանի դրօշի բարձրացման արարողութիւնը, որուն մասնակցած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան, Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեան, Հալէպի հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդներ, այս մասին կը տեղեկանանք Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջէն:
ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան անունով արարողութեան բացման խօսքով հանդէս եկած է մարդասիրական առաքելութեան մասնագէտներու խումբի անդամ Արկադի Տօնոյեան: Ան ըսած է, որ հայ ժողովուրդի բացառիկ արժէքներէն է խաղաղասիրութիւնը եւ այսօր Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ ատոր վառ ապացոյցն է:
Իր հերթին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան ողջունած է ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան մասնակիցները Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն գտնուելու առիթով` վստահութիւն յայտնելով, որ մասնագէտները մեծ պատասխանատուութեամբ պիտի կատարեն իրենց պարտականութիւնը, աջակցելով Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին վերագտնելու խաղաղութիւնը, ժողովուրդ, որ աւելի քան հարիւր տարի առաջ իր դռներն ու սրտերը բացաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած տարագիր հայերուն առջեւ:
ՀՀ դեսպանը մասնագէտներու խումբին մաղթած է ամենայն յաջողութիւն իրենց առաքելութեան մէջ:
Հանդիպման աւարտին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը Հալէպի մէջ: