ԵՐԵՒԱՆ, 7 մարտի – Sputnik. ՀՀ կառավարութիւնն աւելի քան 13 մլն դրամ կը փոխանցէ ԱԳՆ–ին` որպէս սուրիացիներուն տրամադրուած անձնագիրներու դիմաց չգանձուած պետական տուրքի փոխհատուցում: Այս մասին կը վկայէ ՀՀ կառավարութեան նիստին այսօր ընդունուած որոշումը:
2018թ. 4-րդ եռամսեակի ընթացքին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միջոցով ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած են 228 սուրիահայեր: 53 սուրիահայեր ՀՀ անձնագիրներ ստացած են Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան միջոցով, 175-ը` Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան:
«Կառավարութիւնն ամէն կերպ կը փորձէ աջակցիլ ազգութեամբ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն եւ ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնց մշտական բնակութեան օտարերկրեայ պետութեան մէջ ստեղծուած է այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներու կեանքին կամ առողջութեան»- ըսուած է որոշման մէջ:
Սուրիահայ համայնքը ձեւաւորուած է հիմնականին մէջ 1915-1920 թթ.` Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած զանգուածային բռնագաղթի հետեւանքով: 1918 թ. սուրիահայութեան թիւը եղած է շուրջ 142 հազար, որմէ 60 հազարը բնակած է Հալէպի մէջ: Յետագային հայերն աստիճանաբար արտագաղթած են Լիբանան, Եւրոպական երկիրներ, Գանատա, ԱՄՆ եւ Հայաստան (1946-1948 թթ., 1964-1966 թթ): Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով հայ համայնքի թիւը սկսաւ կտրուկ նուազիլ, եւ անոնք աշխարհով մէկ ցրուեցան: Հայաստանը հիւրընկալեց մօտ 22 հազար սուրիահայ: